image

Թուրքիա- Ատրպէյճան օդային կառավարման համատեղ համակարգ պիտի ստեղծուի

Թուրքիա- Ատրպէյճան օդային կառավարման համատեղ համակարգ պիտի ստեղծուի

Թուրքիան յայտարարած է Ատրպէյճանի հետ համատեղ օդային հրամանատարութեան կառավարման համակարգ ստեղծելու նախագիծի մասին:

«Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կ'իրականացնեն օդային հրամանատարութեան HAKİM կառավարման համակարգի համատեղ նախագիծը»,- տեղեկացուցած է Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան վարչութեան պետ Հալուք Կեորկիւնը, հաղորդած են ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները։

Ան նշած է, որ «օդային հրամանատարութեան կառավարման HAKİM համակարգի նախագիծը ամենակարեւորներէն մէկն է, որ համատեղ կ'իրականացնեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերը։ Այս նախագիծով երկու երկիրներու ռազմաօդային ուժերը հնարաւորութիւն կը ստանան իրականացնել համատեղ գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ վերահսկել Ատրպէյճանի օդային տարածքը»։

Կեորկիւնն ընդգծած է, որ երբ այս նախագիծը լիովին իրականացուի, օդային տարածքի վերահսկման համատեղ գօտին պիտի ընդգրկէ Եգէական ծովէն մինչեւ Կասպիցի աւազան ինկած տարածքը։