Հազարաւոր թունիսցիներ շաբաթ օր բողոքի ցոյց կատարած են երկրի մայրաքաղաքը՝ դատապարտելով նախագահ՝ Քայս Սայէտի կողմէ իշխանութիւն գրաւելը եւ պատասխանատուութիւն պահանջելով երկրի տնտեսական ձգձգուող ճգնաժամի համար, կը հաղորդէ AFP-ն:
Թունիսի կեդրոնը ցուցարարները վանկարկած են «Հեռացի՛ր», «Յեղափոխութիւն բռնապետ Քայսի դէմ» եւ «Յեղաշրջում չ'ըլլար»։
Երթը կազմակերպած է Ազգային փրկութեան ճակատը՝ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու դաշինքը, ներառեալ Ennahdha-ն, որ կը գերակշռէր Թունիսի խորհրդարանին մէջ մինչեւ այն ցրուեցաւ Սայէտի կողմէ:
Թունիսի նախկին վարչապետ եւ Ennahdha-ի բարձրաստիճան պաշտօնեայ՝ Ալի Լաարաէտ AFP-ին ըսած է, որ բողոքի ցոյցը «զայրոյթի արտայայտութիւն էր Քայս Սայէտի օրօք տիրող իրավիճակի նկատմամբ»: «Մենք անոր կ'ըսենք, որ գնա՛»։
Սայէտի կողմէ իշխանութիւն գրաւելը ողջունած են որոշ թունիսցիներ, որոնք յոգնած են,ինչպէս իրենք կ'ըսեն, քմահաճ եւ փտտած համակարգէն, որ ստեղծուած է 2011-ին հանգուցեալ բռնապետ՝ Զէն ալ Ապիտին Ալիին տապալած յեղափոխութենէն յետոյ:
Սակայն վատթարացող տնտեսական իրավիճակը, որ խորացած է մատակարարումներու անբաւարարութենէն, ցնցած է 12 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի շատերը:
Եթէ Սայէտ մնայ, «Թունիս ապագայ չ'ունենար», ըսած է Լաարաէտ՝ վկայակոչելով աճող յուսահատութիւնը, աղքատութիւնը եւ գործազրկութիւնը:
Ազգային փրկութեան ճակատը յայտարարած է, որ պիտի պոյքոթի դեկտեմբերին կայանալիք քուէարկութիւնը՝ սահմանափակ լիազօրութիւններով նոր խորհրդարան ընտրելու համար:
Անոր ցուցարարներէն քանի մը հոգին տարած են դատարկ տարաներ, որոնք խորհրդանշած են ջուրի գնի աճը գնաճի պատճառով, որ սեպտեմբերին հասած էր 9,1 տոկոսի:
Սայէտ հրապարակային ելոյթներով յայտարարած է, որ կ'աշխատի «շտկել» այն տնտեսական խնդիրները, որոնք ժառանգած է Թունիսի ղեկավարութենէն Պըն Ալիի իշխանութենէն յետոյ:
Կանխիկ փողերու կարիք ունեցող Թունիս մօտ 2 միլիառ տոլարի վարկ տրամադրելու մասին բանակցութիւններ կը վարէ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին հետ։