Եւս մէկ տան վերանորոգում Արցախի մէջ. «Թիւֆէնկեան հիմնադրամ»ի առաքելութիւնը կը շարունակուի:
Թիւֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամը Արցախի Մարտունիի շրջանի Հերհեր համայնքին մէջ վերանորոգած է Գրիգորեաններուն պատկանող առանձնատունը, որ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ լրջօրէն վնասուած էր:
Գրիգորեաններուն տունը 2020 թուականի Հոկտեմբերին ատրպէյճանական կրակոցէն երեք անգամ խոցուած է, որու հետեւանքով լրջօրէն վնասուած են տանիքը, դռները, արտաքին պատերը եւ պատուհանները: «Տունը բնակելի չէր: Մենք շնորհակալ ենք Թիւֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամին եւ անոր բոլոր նուիրատուներուն, որ վերանորոգեցին մեր տունը եւ հնարաւորութիւն տուին մեզի մնալու մեր գիւղին մէջ», բացատրեց Մարատ Գրիգորեանը` Փետրուար 8-ին տեղի ունեցած յանձման ժամանակ:
Մարատը, ով մասնակցած է 2020 թուականի պատերազմին, վերջերս ամուսնացած է եւ յոյս ունի ընտանիք կազմելու այն տանը, ուր ան մեծցած է:
Միջոցարման ներկայ էին Հերհերի համայնքապետ Արման Ալեքսանեանը, յարակից գիւղերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Թիւֆէնկեան հիմնադրամի Ստեփանակերտի եւ Երեւանի գրասենեակներու ներկայացուցիչներ:
Հերհերի եւ անոր շրջակայ գիւղերու բնակիչները 2020 թուականին Ատրպէյճանի դէմ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ենթարկուեցան ուժեղ ռմբակոծութիւններու: 2021 թուականի սկիզբը, մարտերու ժամանակ տարածաշրջանը լքած հազարաւոր ընտանիքներ վերադարձան իրենց տուները, որոնց մէկ մասը լուրջ վնասներ կրած է: Պատերազմէն յետոյ այս գիւղերէն շատերը այժմ կը գտնուին Ատրպէյճանի սահմանէն ընդամէնը մի քանի քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
«Մեր առաջնահերթութիւնը տարածաշրջանի վնասուած տուներու վերանորոգումն է: Մենք նաեւ կ'օգնենք մեր վիրաւոր զինուորներուն` վերանորոգելով անոնց տուները եւ դարձնելով զանոնք աւելի յարմարաւէտ», բացատրեց հիմնադրամի արցախեան ծրագրի ղեկավար Էտկար Դանիէլեանը:
Անցեալ տարի, Արցախի իշխանութիւններուն հետ խորհրդակցութիւններէ յետոյ, Թիւֆէնկեան հիմնադրամը կազմեց համապարփակ ծրագիր բաղկացած լրացուցիչ նախաձեռնութիւններէ, որոնք կը նպաստեն Մարտունիի շրջանի մի քանի գիւղերու, այդ շարքին` Հերհերի եւ յարակից գիւղերու (Ծովատեղ, Խերխան) կրթական, առողջապահական, տնտեսական եւ այլ կարիքներու բաւարարման: Ծրագրի տարբեր ծալքերը կը ներառեն նաեւ մօտակայ Սօս եւ Մաճկալաշէն գիւղերը:
Գրիգորեանի տունը տարածաշրջանին մէջ 9-րդ տունն է, որ հիմնադրամը վերանորոգած է վերջին մէկ տարուայ ընթացքին: