Երէկ Թորոնթօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք շրջանի ՀՅԴ երիտասարդական միաւորը հաղորդագրութեամբ մը հանդէս եկած է։ Երիտասարդները յայտարարած են, որ իրենք անձնական խնդիր մը չունին դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանին հետ, այլ իրենց խնդիրըը ՀՀ իշխանութիւններուն հետ է։
Համացանցի ճամբով տարածուած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս գրուած է՝«Մենք Տիկին Յարութիւնեանի անձին դէմ ոչ մէկ խնդիր ունինք, բայց ան կը ներկայացնէ այսօրուան իշխանութիւնը, որ Արցախը յանձնեց, 5000է աւելի երիտասարդի նահատակութեան պատճառ դարձ աւ, 120.000 Արցախահայու տեղահանութեան մեղսակից է, եւ սփիւռքահայ երիտասարդ մեր ընկերներու Հայաստան մուտքը կ՚արգիլէ։ Ուրեմն, դաւաճան իշխանութիւններու եւ իրենց պաշտօնեաներու մուտքը այս կեդրոն թոյլատրելի չէ: Այս կեդրոնը նահատակ տուած է այն հողին որ իրենք յանձնեցին թուրքին»։