image

«Թող այս վերանորոգումը ոգեշնչէ մեզ».Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան

 «Թող  այս վերանորոգումը ոգեշնչէ մեզ».Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան

 Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդանանց Մայր Տաճարը վերանորոգման փուլի մը մէջ է։ 

Այս մասին իմացանք ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի պաշտօնական էջէն, ուր Թեմի Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան գրառում մը կատարած է, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

Այցելեցէ՚ք Սուրբ Վարդանանց տաճարը այս օրերուն եւ պիտի տեսնէք կառոյցին շուրջ բարձրացող լաստակները, քանի որ սկսած է տաճարի վերականգնման նախնական փուլը:

Մինչ արտաքին բաժինը եւ յատկապէս՝ տանիքը անհրաժեշտ վերանորոգման կ՚ենթարկուին, ներքին բաժինը՝ Թեմական համալիրն ու ընկերային հաւաքներու սրահները, ներառեալ՝ «Հայկ եւԱլիս Գաւուքճեան հանդիսասրահ»ը, կը համալրուին։

Քանի որ Մայր տաճարը կ՚ենթարկուի ֆիզիքական վերանորոգման, եկէք այս հնարաւորութենէն օգտուելով՝ խոկանք մեր հոգեւոր աճին վրայ: Ինչպէս, որ Սուրբ Վարդանանց Մայր տաճարը շրջապատուած է լաստակներով, այնպէս ալ մենք՝ մշտապէս հոգեւոր վերանորոգման մէջ ենք՝ զօրացած մեր հաւատքով եւ մեր համայնքի աջակցութեամբ։

Թող այս վերանորոգումը ոգեշնչէ մեզ, շարունակելու համար մեր համայնքի   հոգեւոր կառուցումն ու հզօրացումը՝ սիրով, հաւատքով եւ յոյսով: