Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Քլաուտիա Թենին նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի թեկնածութիւնն առաջադրած է հեղինակաւոր Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի համար: Այս մասին յայտնած է Fox News-ը:
Հանրապետական քոնկրէսականը նշած է, որ Թրամփ հեղինակաւոր մրցանակին արժանի է իր նախագահութեան օրօք մշակուած Աբրահամեան համաձայնագրերու համար: Ատոնք կը վերաբերին Իսրայէլի եւ Մերձաւոր Արեւելքի պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն ու տարածաշրջանին մէջ ընդհանուր լարուածութեան մակարդակի նուազեցման։
Ըստ Թենիի՝ Աբրահամեան համաձայնագրերը պատմական նշանակութիւն ունին:
«Տասնամեակներ շարունակ պետական պաշտօնեաներ, արտաքին քաղաքականութեան «փրոֆէսիոնալներ» եւ միջազգային կազմակերպութիւններ պնդած էին, որ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան համաձայնագրերն անհնարին են առանց իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան լուծման: Նախագահ Թրամփ ապացուցեց, որ այդ սուտ է», - նշած է կինը: