Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա նահանգին մէջ մեծ դատաւորը մեղադրանք առաջադրած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփին 2020 թուականի ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ ազդելու ենթադրեալ փորձի գործով:
Ինչպէս յայտնած է ՌԻԱ Նովոսթին, այս մասին ըսուած է մեղադրական եզրակացութեան մէջ։
Սպիտակ տան նախկին ղեկավարի դէմ մեղադրանքները կը ներառեն 13 կէտ, ներառեալ՝ փտածութեան դէմ պայքարի մասին օրէնքի խախտում, պետական ծառայողներու երդման խախտման հրահրում։
Բացի Թրամփէն, մեղադրանքներ առաջադրուած են նաեւ անոր նախկին փաստաբան Ռուտի Ճուլիանիին եւ Սպիտակ տան նախկին օգնական ու նախկին աշխատակից Մարք Մետոուզին: Ընդհանուր առմամբ այս գործով, որպէս պատասխանող հանդէս եկած է 19 անձ։
Դատախազ Ֆէնի Ուիլիսի խօսքով՝ անոնք պէտք է դատարանի առջեւ կ'անգնին 25 օգոստոսէն ոչ ուշ: