image

Ուժեղ Հայաստանը պիտի չաջակցի Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին

Ուժեղ Հայաստանը պիտի չաջակցի Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին

«Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեանն անդրադարձած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին՝ ըսելով, որ սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի դնելուն պիտի չաջակցին։

«Քննարկումներ խմբակցութիւնում եղել են մինչ այս, եւ մեր դիրքորոշումն այն է, որ ՀՀ-ում սահմանադրութիւն Ադրբեջանի պահանջով, Ալիեւի պահանջով չպէտք է փոխուի։ Ինչ վերաբերում է ժողովրդին հարցնելուն, ժողովրդին հարցրել են յունիսի 7-ին»,-ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ ՔՊ-ն չէ յաջողած ստանալ սահմանադրական մեծամասնութիւն, մինչդեռ ընդդիմութեան ձայներն 80 տոկոսով աւելցած են։

«Ժողովուրդը ընդդիմութեանը տուել է մանդատ՝ դէմ լինելու ալիեւեան սահմանադրութեանը»,-ըսած է ան։

Հարցին՝ արդեօք ընդդիմութիւնը, չընդունելով վարչապետի առաջարկը, բաց չի ձգեր անոր հեռացնելու առիթը, ան նշած է, որ իրենք Փաշինեանը հեռացնելու ճանապարհային քարտէզը տուած են եւ հետեւողական են ատոր։