image

Գերմանիայէն Հայաստան ժամանած է արտաքսուած քաղաքացիներով հերթական ինքնաթիռը

Գերմանիայէն Հայաստան ժամանած է արտաքսուած քաղաքացիներով հերթական ինքնաթիռը

Գերմանիայէն Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան ժամանած է արտաքսուած քաղաքացիներով հերթական օդանաւը։ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն յայտնած, թէ քանի քաղաքացի ժամանած է նման թռիչքներով։

Sputnik Արմենիա-ի տեղեկութիւններով՝ թռիչքը կատարուած է 19 նոյեմբերին։ 2026 թուականի ընթացքին Գերմանիայէն իրականացուած նմանօրինակ արդէն եօթներորդ թռիչքն է։

Հայաստան արտաքսուած քաղաքացիներու թիւին մասին տեղեկութիւններ չկան։ Նշենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը մերժեն տեղեկութիւններ տրամադրել նման թռիչքներու եւ այլ երկիրներէ արտաքսուած քաղաքացիներու թիւի վերաբերեալ։

Նախորդ թռիչքը տեղի ունեցած էր Հոկտեմբերին։