Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ 19 մայիսին, հեռախօսազրոյց պիտի ունենայ Փութինի եւ Զելենսքիի հետ։ Ան յոյս յայտնած է, որ հնարաւոր է դադրեցնել պատերազմը։ Այս մասին ան գրած է Truth Social ընկերային հարթակի իր էջին։
«Երկուշաբթի հեռախօսազրոյց պիտի ունենամ Փութինի հետ։ Զրոյցի թեման պիտի ըլլայ արիւնահեղութեան դադրեցումը եւ առեւտուրը։
Պիտի խօսիմ նաեւ Զելենսքիի հետ։ Յուսով եմ, որ պիտի հաստատուի զինադադար եւ այս պատերազմը աւարտի»,- գրած է ան։