Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին մինչեւ 136 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ՝ երեքշաբթի Նիւ Եորքի դատարանին մէջ անոր դէմ առաջադրուած մեղադրանքով։ Համապատասխան հաշուարկները ըրած են Fox News հեռուստաալիքի լրագրողները։
Այնուհանդերձ, լրագրողները կ'ենթադրեն, որ իրական պատիժը, ամենայն հաւանականութեամբ, շատ աւելի քիչ կ'ըլլայ:
Ընդ որում նշուած է, որ Նիւ Եորքի օրէնսդրութեան համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահին վերագրուող գործարքներու փաստաթուղթերու կեղծումը կը համարուի զանցանք, բայց մէկ այլ յանցագործութիւնը կոծկելու փորձի պարագային, զանցանքը կը բարձրանայ յանցաւոր արարքի աստիճանի` առաւելագոյնը չորս տարի ժամկէտով վճռով:
Երեքշաբթի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահին Նիւ Եորքի դատարանին մէջ 34 կէտով մեղադրանք առաջադրուած է աշխատանքային գործարքներու փաստաթուղթերու կեղծման եւ յանցաւոր դաւադրութեան համար։ Քաղաքական գործիչը իր հասցէին հնչող մեղադրանքները որակած է «աննախադէպ մաշտապի միջամտութիւն» 2024 թուականի Միացեալ Նահանգներու յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն։