Վան նահանգի Վարագավանք վանական համալիրը ոչնչացման եզրին է։ Տեղացիները այդ վանքը կ՚անուանեն եօթ եկեղեցի (Yedi Kilise): Վանքը կառուցուած է 7-րդ դարուն, պատմական Վասպուրական նահանգի Վան քաղաքի հարաւ արեւելեան հատուածին՝ Վարագ լերան լանջին։ Անցեալին եղած է Վանի արքեպիսկոպոսի նստավայրը։ Վարագավանքի եկեղեցիներու մեծ մասը արդէն իսկ գոյութիւն չունի: Այն, ինչ որ մնացած է, միայն պատերն են ու քարերը: Համալիրէն կիսով չափ պահպանուած է միայն մէկ եկեղեցի, որը փլուզման եզրին է: Այս մասին կը հաղորդէ Vanhabergazetesi կայքէջը։
Պատմական վանքը, որը մինչ օրս համապարփակ վերականգնման չէ ենթարկուած, տարիներու ընթացքին վանդտալիզմի ենթարկուախ է գանձ որոնողներու կողմէ եւ լրջօրէն վնասուած է 2011 թուականի Վանի երկրաշարժին ժամանակ։
Եկեղեցին 40 տարիէ ի վեր, կը գտնուի տեղացի Մեհմետ Չոպանի հոգածութեան ներքոյ։ Վարագավանքի մօտակայքը կայ նաեւ մզկիթ, որուն կրօնական առաջնորդը 1950-ականներուն եղած է Մեհմետի հայրը եւ ան նշած է, որ հայկական այդ պատմական կառոյցը պէտք է պահպանուի։ Վանքը անցեալին ծառայած է որպէս գոմ եւ միայն Մեհմետի հօր միջնորդութեան շնորհիւ է, որ եկեղեցւոյ որպէս ախոռ գործածութիւնը կասեցուած է։
Մեհմետը եկեղեցին պահպանելու պարտականութիւնը կտակած է իր զաւակին՝ ըսելով «Ամօթ մեզ, եթէ եկեղեցին անտէր մնայ իմ մահէս ետք»։
«Հայրս կամեցեր է, որ այս վայրը պահպանուի։ Ես այստեղ եմ 35-40 տարի, եւ անոր յիշատակի համար չեմ կրնար լքել այն», – նշած է ան։
Տեղացին նշած է, որ վանքը կը պահպանէ ամբողջութեամբ սեփական միջոցներով։ Ըստ անոր՝ գմբեթներէն երեքը փլուզած են ու ինքն այն ծածկած է փայտով եւ թիթեղով։ Ձմռան, երբ ձիւն կը տեղայ, ինքը այն կը մաքրէ ու վանքի տարածքը մետաղական ցանցով կը պատէ։
Ան նաեւ ըսած է, որ բազմիցս դիմած է համապատասխան հաստատութիւններուն բայց չէ ստացած անհրաժեշտ աջակցութիւն։ Ըստ անոր՝ Հայաստանէն, Զուիցերիայէն, ԱՄՆ-էն եւ Ռուսիայէն տարբեր խումբեր պատրաստ են կամաւոր կերպով աջակցելու վանքի պահպանման։ Միայն թէ վերականգնման ենթարկուի, բոլորը պատրաստ են օգնութեան, բայց եւ աւելցուցած է, որ պաշտօնական գործընթացներն առաջընթաց չեն գրանցեր։