Ցանկացած հայագաղութի համար համայնքին ուժ եւ եռանդ տուող մագնիսական ուժը նուիրեալ ուսուցիչներու փաղանգն է։
Այս ծիրին մէջ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդարանը գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ ՝Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեանի նախաձեռնութիւնը յանձն առած է օժանդակութիւն տրամադրել համայնքին մէջ ուխտի եւ առաքելութեան ճանապարհ հատած թողակառու ուսուցիչներուն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Շաբաթ, 9 Մարտ 2024-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Յանձնախումբը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, Հալէպի Ազգ. Վարժարաններէն ներս ծառայած թոշակառու ուսուցիչներուն, վարչական եւ ծառայողական պաշտօնեաներուն բաշխեց նիւթական օժանդակութիւն, որ տրամադրուած էր բարերարի մը կողմէ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունելով Ազգ. Վարժարաններէն ներս տարիներ շարունակ անձնուիրաբար իրենց ծառայութիւնը մատուցած ուսուցիչները, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եւ քաջառողջ ու բարեբեր տարիներ մաղթեց անոնց։