Օրերս ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան այցելած է «Սուրբ Վարդան» ճամբարը եւ այդ առթիւ կատարած է գրառում մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ հակառակ իր կրտսեր տարիքին Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վարդապետ մեծ աշխուժութեամբ եւ նուիրումով կը շարունակէ ջանասիրաբար հովուել իր թեմը, արժանանալով գաղութային շրջանակներու մեծ յարգանքին եւ սիրոյն։
Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. կը գրէ՝
«Երէկ, անսահման ուրախութիւնը ունեցայ այցելելու «Սուրբ Վարդան» ճամբարը, եւ մեծ բերկրանք էր ինծի համար, այս ճամբարը իւրայատուկ դարձնող՝ հրաշալի երեխաներուն հետ ժամանակ անցընելը:
Առաջին իսկ պահէն, զիս դիմաւորեցին ջերմ ժպիտներով ու անսահման կենսունակութեամբ։ Սիրտս ուրախութեամբ լեցուեցաւ, երբ ականատեսը եղայ այս մատղաշ դէմքերու խանդավառութեան եւ սիրոյ՝ մեր հաւատքին եւ մշակոյթին նկատմամբ: Ես նաեւ մասնակցեցայ կարգ մը մարզական խաղերու, ուր ճամբարականները ցոյց տուին իրենց հմտութիւնն ու խմբային աշխատանքը: Խինդը պատեց երկինքը, երբ մենք միասին խաղեր սկսանք խաղալ, ընկերութիւն մշակել եւ մնայուն յիշողութիւններ ստեղծեք:
Այցելութեանս ընթացքին մեծապէս հիացայ, երբ տեսայ համայնքային եւ ընկերային խոր զգացումը, որ կը ներթափանցէր «Սուրբ Վարդան» ճամբարի ներս: Ճամբարականներուն ու անձնակազմին միջեւ կար ամուր կապ մը, որ կը ստեղծէր միջավայր մը, ուր կար աջակցութիւն եւ քաջալերանք: Այս ճամբարը, իրօք կը մշակէ մեր հայկական ինքնութեան հանդէպ պատկանելութեան եւ հպարտութեան զգացումը:
Կ՚ուզեմ սրտանց երախտագիտութիւնս յայտնել առաջնորդներուն, հոգեւորականներուն, նուիրեալ խորհրդատուներուն եւ անձնակազմին, որոնք սրտով ու հոգուով կ՚աշխատին, երեխաներուն այսպիսի հարստացնող փորձառութիւն մը ընձեռելու համար: Ձեր նուիրուածութիւնն ու սէրը գնահատելի են, եւ դուք կը կերտէք մեր հայ համայնքի ապագան՝ սերմանելով մեր արժէքները եկող սերունդին մէջ:
Ճամբարականներու ծնողներուն եւ ընտանիքի անդամներուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք, իրենց երեխաները մեզի վստահելուն համար։ Առանձնաշնորհում մըն է երեխաներուն անհատական եւ հաւաքական աճին ականատես ըլլալը, երբ անոնք կը բացայայտեն իրենց արմատները եւ կը հաստատեն կենսատեւ բարեկամութիւններ:
Եկէք շարունակենք դաստիարակել եւ հզօրացնել մեր երիտասարդները՝ անոնց հնարաւորութիւններ ընձեռելով, որպէսզի անոնք գուրգուրան իրենց հայկական ժառանգութեան վրայ, կենսատեւ բարեկամութիւններ մշակեն եւ դառնան մեր համայնքներու սիրոյ եւ խաղաղութեան դեսպանները: Միասին մենք կրնանք կառուցել աւելի ուժեղ, աւելի համախմբուած հայկական սփիւռք մը։
Թող Աստուած առատօրէն օրհնէ բոլորդ եւ մեր երիտասարդ ճամբարականները առաջնորդէ իրենց զարգացման եւ իրազեկման ճամբուն մէջ»։