image

Թեհրան կողմ է յարաբերութիւններու ամրապնդման. Իրանի նորընտիր նախագահ

Թեհրան կողմ է յարաբերութիւններու ամրապնդման. Իրանի նորընտիր նախագահ

Իրան մտադիր է ամրապնդել յարաբերութիւնները հարեւաններուն հետ եւ ստեղծել ուժեղ տարածաշրջան, ուր ոչ ոք կը գերիշխէ միւսներու նկատմամբ: Ինչպէս կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոսթին, այս յայտարարութիւնը ըրած է Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան։

«Իմ վարչակազմի օրօք մենք առաջին հերթին ուշադրութիւն պիտի դարձնենք մեր հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման։ Մենք հանդէս կու գանք ուժեղ տարածաշրջանի ստեղծման օգտին, այլ ոչ թէ այնպիսի տարածաշրջանի, ուր երկիր մը կը ձգտի միւսի նկատմամբ գերիշխանութեան»,– նշած է Իրանի նախագահը։

Անոր խօսքով՝ հարեւան եւ եղբայրական ժողովուրդները պէտք չէ ծախսեն իրենց արժէքաւոր միջոցները կործանարար մրցակցութեան, սպառազինութիւններու մրցավազքի կամ զիրար անհիմն զսպելու վրայ:

Թեհրան նաեւ կ'ակնկալէ համագործակցիլ Թուրքիոյ, արաբական երկիրներու եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու հետ: Իրան մտադիր է ստեղծել բարենպաստ պայմաններ, որոնց շնորհիւ տարածաշրջանի երկիրներու միջոցները կրնան ուղղուիլ Մերձաւոր Արեւելքի առաջընթացին եւ զարգացման:

Փեզեշքեան Ռուսիան անուանած է Իրանի արժէքաւոր ռազմավարական դաշնակից եւ հարեւան։ Ան յայտարարած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի յատկապէս ՊՐԻՔՍ–ի, ՇՀԿ–ի (Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութիւն) եւ ԵԱՏՄ–ի (Եւրասիական տնտեսական միութիւն) ծիրէն ներս։