Atlantic ամսագիրը նշած է, որ Եմէնի մէջ գործողութիւնները Ապտուլ Մալէք ալ-Հուսին («Հուսիներ»ու առաջնորդը) դարձուցած են Մերձաւոր Արեւելքի ամենայայտնի եւ ազդեցիկ գործիչներէն մին, ինչպէս նաեւ ճեղք առաջացուցած համաշխարհային տնտեսութեան մէջ։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին»ը։
Atlantic գրած է, որ Եմէնի Անսար Ալլահ շարժման առաջնորդ Ապտուլ Մալէք ալ-Հուսին «կրնայ ըլլալ Մերձաւոր Արեւելքի ամենայայտնի հասարակական գործիչը», այն պահէն ի վեր, երբ Եմէնի զինուած ուժերը, ի պաշտպանութիւն Կազայի եւ պաղեստինեան ժողովուրդի, սկսան գրոհել իսրայէլեան եւ անոր դաշնակից երկիրներու նաւերուն ուղղութեամբ, որոնք կ՚ուղուէին դէպի Իսրայէլեան նաւահանգիստներ։
Թերթը գրած է. «Ալ-Հուսին՝ նման է, եւ անոր կը վերաբերին որպէս ժամանակակից Չէ Կեւարային, եւ անոր նկարներն ու ելոյթները տարածուած են ընկերային ցանցերու վրայ՝ հինգ մայրցամաքներու մէջ»:
Պարբերականը կը յայտնէնաեւ, որ Եմէնի գործողութիւնները «ճեղք առաջացուցած են համաշխարհային տնտեսութեան մէջ, թէեւ տակաւին դժուար է գնահատել Եմէնի յարձակումներու հետեւանքները»։
Ինչպէս նաեւ Իսրայէլի Զինուած ուժերու գործողութիւնները Անսար Ալլահը դարձուցին «հերոսներ երիտասարդ արաբներու եւ իսլամներու համար, որոնք Պաղեստինի հարցը կ՚ընդունին որպէս իրենց հարցը, եւ անոնք նոյնիսկ յաջողութիւններու հասան արեւմտեան առաջադէմներու պայքարին մէջ», նշելով, որ ամերիկա-բրիտանական յարձակումները ետ չպահեց Եմէնի զինուած ուժերը իրենց գործողութիւններէն։