image

«Թալեպան» թոյլ պիտի տա՞յ «փափուկ սեռի» դպրոց վերադարձը

«Թալեպան» թոյլ պիտի տա՞յ «փափուկ սեռի» դպրոց վերադարձը

Արմատական «Թալիպան» շարժումը խոստացած է շուտով թոյլ տալ Աֆղանիստանի մէջ աղջիկներուն յաճախել միջնակարգ դպրոցներ: Այս մասին յայտնած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գործադիր տնօրէնի տեղակալ Օմար Ապտին, որ անցեալ շաբաթ այցելած էր Քապուլ:

Ապտիի խօսքով՝ թալիպներու կողմէ նշանակուած կրթութեան նախարարը հաւաստիացուցած է, որ թալիպները կ'աշխատին «շրջանակային սկզբունքներու» վրայ՝ բոլոր աղջիկներուն թոյլ տալ շարունակել ուսումը վեցերորդ դասարանէն յետոյ. որոշումը  պիտի հրապարակուի մէկէն երկու ամսուան ընթացքին:

«Այժմ միջնակարգ դպրոցի միլիոնաւոր աղջիկներ անընդմէջ 27-րդ օրն է կրթութիւն չեն ստանար: Ամէն օր, երբ կը սպասենք, կորսուած օր է դպրոց չյաճախող աղջիկներու համար», աւելցուցած է ան:

Ապտին նաեւ նշած է, որ Աֆղանիստանի 34 նահանգներէն հինգը` Պալխը, Ճաուզճանը, Սամանկանը, Քունտուզը եւ Ուրուզկանը, արդէն թոյլատրած են աղջիկներուն միջնակարգ դպրոց յաճախել: