«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը 62 կողմ, 1 դէմ ձայնով Թագուհի Թովմասեանը զրկեց Ազգային Ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնէն։
Նշենք, որ ընդդիմադիր՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները չեն մասնակցած Թագուհի Թովմասեանի լիազօրութիւններու դադրեցման հարցի քննարկմանն ու քուէարկութեան։
Աւելի վաղ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած էր Ազգային Ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Թագուհի Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ նախագիծ:
Թագուհի Թովմասեանը յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնէն զրկելու հիմքն այն էր, որ յանձնաժողովին մէջ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի թեկնածուներու հարցի քննարկման ժամանակ, երբ իշխանական պատգամաւորներու եւ Էդգար Ղազարեանի միջեւ լեզուակռիւ առաջացած է, ան ընդմիջում չէ յայտարարած եւ չէ յորդորած Էդգար Ղազարեանը ներողութիւն խնդրել 2018 թուականի իշխանափոխութիւնը ատրպէյճանա-թրքական անուանելու համար։