image

Թաղավարդէն խաղաղ բնակիչներ գերեվարած են. Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր

Թաղավարդէն խաղաղ բնակիչներ գերեվարած են. Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր

Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեանը NEWS.am-ին յայտնած է, որ ատրպէյճանցիները իր ընկերներու հարազատները Թաղավարդէն գերեվարած են: «Ադրբեջանցիները գնում են ծայրայեղ քայլերի, եւ իրենց համար տարբերութիւն չկայ՝ խաղաղ բնակիչ է, թէ ոչ, սպանում են կամ գերեվարում են բոլոր կողմերից»,- նշած է ան:

Ըստ Յակոբեանի՝ Արցախը 19 սեպտեմբերէն միջնորդաւորուած քննարկումներու մէջ է Ատրպէյճանի հետ, բայց ատրպէյճանական կողմը որեւէ առաջարկ չի լսեր։ Ան յայտնած է, որ քիչ առաջ հիւանդանոցէն եկած է, բազմաթիւ վիրաւորներ ու զոհեր կան: