Ուշագրաւ քայլով մը Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեան Առաջնորդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ներկայացած է ձեռքին ունենալով իսլամներու Սուրբ գիրք՝ «Քորան»ը։
Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Թեհրան հրապարակուող «Արաքս» ամսաթերթի Թէլէկրամեան ալիքը, որ նաեւ ցուցադրած է կարգ մը լուսանկարներ։
Արարքը ինքնին ունի մի քանի կարեւոր «պատգամներ», որոնց ամենակարեւորն այն է, որ բոլոր ժամանակներու եւ մասնաւորապէս այս փուլին հայ ժողովուրդը միշտ ալ բաւարար ներուժ ունեցած է յարգելու համար բոլոր ժողովուրդներու հաւատալիքները եւ արժէքները եւ այս պարագային իսլամական կրօնը։
Սրբազան հօր կողմէ կատարուած քայլը բնականաբար կապ ունի օրեր առաջ Շուէտի մէջ ծայր առած խժդժութիւններուն հետ, որոնք հետեւանք են Տանէմարքացի աջակողմեան գործիչի մը կողմէ «Քորան»ի օրինակ մը հրկիզելու անընդունելի արարքին։
Եղածը խոտոր կը համարուի նաեւ քրիստոնէական արժէքներուն եւ այս առումով է նաեւ, որ Սրբազան հօր արարքը կը ստանայ յատուկ իմաստ ու արժէք։
Յիշեցնենք, որ 1999 թուականէն ի վեր ձեռներէցօրէն Թեհրանի հայոց թեմը առաջնորդող Սրբազան հայրը հմուտ արաբագէտ է ան մասնագիտական ուսմունքի տէր եւ խորքային իմացութիւն ունի իսլամական կրօնին առընթեր։