Մայիս 7-ին Քէօլնի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած է Գերմանահայոց Կեդրոնական խորհուրդի ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին ընտրուած է նոր վարչութիւն: Ժողովին, որուն միացած են նաեւ առցանց մասնակիցներ, հետեւած է 60-է աւելի անդամ: Փակ գաղտնի քուէարկութեամբ մասնակիցներու 2/3-ի ձայներով երկու թեկնածուներէ վարչութեան նոր ատենապետ ընտրուած է թարգմանիչ եւ գեղանկարիչ Ճոնաթան Շփանկենպերկը (Jonathan Spangenberg): Փոխատենապետ ընտրուած է Սերժ Տէր Յակոբեանը:
Նորընտիր վարչութիւնը հիմնականին մէջ կազմուած է յառաջադէմ երիտասարդներէ: Հինգ հոգինոց վարչութեան նոր անդամներն են Ճոնաթան Շփանկենպերկը, Սերժ Տէր Յակոբեանը, Սամուէլ Լուլուկեանը, Սիլվա Աժտերեանը եւ Սիրանոյշ Ա.-ն:
39-ամեայ Ճոնաթան Շփանկենպերկը ազգութեամբ գերմանացի է, ծնած է Գերմանիա, բայց ծնողներուն հետ տեղափոխուեածէ Լիբանան եւ 20 տարի ապրած է Այնճարի մէջ, յաճախած է հայկական դպրոց, ուսանած է Հայկազեան համալսարանին մէջ, պատմութեան եւ հնագիտութեան մասնագէտ է: Հիանալի կը տիրապետէ արեւմտահայերէնին: Գերմանիոյ մէջ կ'աշխատի իբրեւ արհեստավարժ թարգմանիչ, ազատօրէն կը թարգմանէ գերմաներէնէ, անգլերէնէ, արաբերենէ եւ հայերենէ: Նաեւ գեղանկարիչ է, կը ստեղծագործէ վերջին 10 տարիներուն: Արդէն տպագրութեան պատրաստ է Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» ժողովածուի գերմաներէն թարգմանութիւնը` շուրջ 30 բանաստեղծութիւն:
Գերմանահայոց Կեդրոնական խորհուրդի նորընտիր վարչութիւնը նաեւ հանդէս եկած է համայնքին մէջ փոփոխութիւններ իրականացնելու ծրագրով` առաջարկելով հինգ հիմնական կէտեր:
Շփանկենպերկը, իրենց առաջնային խնդիրներէն մէկը գերմանահայ համայնքի աշխուժացումն է եւ կազմակերպումը, համագործակցութիւնը առաջնորդարանի, հայկական կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններու հետ:
Յաջորդ կարեւոր խնդիրը քաղաքական կապերու աշխուժացումն է երեք մակարդակներով` Գերմանիոյ Դաշնային մարմիններու, առանձին տարածաշրջանային (հողերու) եւ տեղական մարմիններու հետ:
Կարեւոր թեմաներէն են նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի ապահովութիւնը, եւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի հաստատութենականացումը, յատկապէս ցեղասպանութեան մասին յիշողութեան մշակոյթի ձեւաւորումը գերմանական հասարակութեան մէջ:
Յաջորդ կարեւոր ոլորտը Գերմանիոյ եւ սփիւռքի լրատուութեան միջոցներուն մէջ գերմանահայութիւնը յուզող խնիրներու բարձրացումն ու արծածումն է: Այս թեմայով նաեւ առանձին յանձնախումբ կրնայ աշխատիլ:
Կարեւոր են նաեւ լեզուի, մշակոյթի, կրթութեան հարցերու շուրջ քննարկումները, Գերմանիոյ մէջ գործող հայերէնի դասընթացքներու կանոնակարգումը, այդ ուղղութեամբ աւելի յառաջընթաց ապահովելու մտայնութեամբ եւ սեմինարներու կազմակերպումը` նուիրուած ինքնութեան հարցերուն, լեզուին եւ արհեստավարժ համայնքային գործունէութեան:
Վերջին կարեւոր խնդիրներէն մէկն ալ գերմանական պետական աղբիւրներու միջոցով ֆինանսներու հայթայթումն է, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ համայնքի հզօրացման:
Լուրը` «Օրեր» ամսագրէն: