image

«Ճիշդ գնահատել տարածաշրջանի ներկայիս իրողութիւնը». Պաքուէն «ուղերձ» Երեւանին

«Ճիշդ գնահատել  տարածաշրջանի ներկայիս իրողութիւնը». Պաքուէն «ուղերձ»  Երեւանին

Պաքուն Երեւանին կոչ կ'ընէ «ճիշդ գնահատելու տարածաշրջանի ներկայիս իրողութիւնները»։ 

«Ցաւալի է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հերթական անհիմն յայտարարութիւնը 2022 թուականի Մայիս 27-ին Զանգիլանի շրջանի մէջ Ատրպէյճանի նախագահի ելոյթի վերաբերեալ»,-ըսուած է  Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ, ուր նշուած է, որ «Հայաստան, որ կ'ոտնահարէ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները շուրջ 30 տարի, կոպտօրէն կ'ոտնահարէ մօտ մէկ միլիոն ատրպէյճանցիներու իրաւունքները»։

«Ի տարբերութիւն Երեւանի՝ Պաքուն միշտ յարգած է միջազգային իրաւունքի սկզբունքները»,-շարունակած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ը։

«Ինչ կը վերաբերի բռնագրաւումէն ազատագրուած Զանգիլանի շրջանին մէջ ԱՀ նախագահի յայտարարութիւններուն, Հայաստանի ԱԳՆ-ի ուշադրութեան կը ներկայացնենք, որ Ատրպէյճանի նախագահը կոչ կ'ընէ զերծ մնալու սկզբունքներուն չհամապատասխանող վարքագիծէն եւ կը նախազգուշացնէ այն վտանգներուն մասին, որոնք կրնան առաջացնել նման ապօրինի վարքագիծ»,-ըսուած է ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ։ 

«Հայկական կողմը պէտք է հասկնայ, որ մէկ տասնամեակ առաջուայ պահուածքը իրականացնելու փորձերը ոչ այլ ինչ են, քան ֆանթազիա։ Միայն տարածաշրջանի մէջ ստեղծուած նոր իրողութիւններու եւ նոր հնարաւորութիւններու ճիշդ գնահատումը կրնայ յանգեցնել ճիշդ արդիւնքներու»,-ընդգծած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ը։