image

Ճամբարակ.Կանոնները չյարգելու հետեւանքով զինուոր մահացած է

Ճամբարակ.Կանոնները չյարգելու հետեւանքով զինուոր մահացած է

Նախնական տուեալով` զէնքի հետ վարուելու կանոնները խախտելու հետեւանքով Գեղարքունիքի մարզի զօրամասերէն մէկու պայմանագրային զինուոր մահացած է: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն:

«Պայմանագրային զինծառայող, շարքային Գէորգ Խաչատուրի Աւետեան (1992-ի ծնունդ): Նախնական տուեալով` զէնքի հետ վարուելու կանոնները խախտելու հետեւանքով վիրաւորումն ստացել է նոյեմբերի 15-ին, տեղափոխուել է հիւանդանոց, մէկ օր անց` նոյեմբերի 16-ին, արձանագրուել է մահը»,- յայտնած են ՊՆ-էն:

Ըստ տեղեկութիւններուն դէպքը տեղի ունեցած է Ճամբարակի մէջ:

 

Լուրը՝ NEWS.am-էն: