image

Տաւուշի մէջ գերլարուած վիճակ է․ քանի մը մարդու ինքնազգացողութիւն վատացած է

Տաւուշի մէջ գերլարուած վիճակ է․ քանի մը մարդու ինքնազգացողութիւն վատացած է

Այս պահուն գերլարուած վիճակ է Տաւուշի մարզին մէջ՝ Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճանապարհին՝ դէպի Բագրատաշէնի անցակէտ տանող հատուածին մէջ, որ փակած են բողոքի հաւաք իրականացնող քաղաքացիները։ Ոստիկանները բիրտ ուժի կիրառմամբ փորձած են բանալ ճանապարհը։ Անոնք սկսած են մարդոց բերման ենթարկել, քաշքշուկ սկսած է։

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Գառնիկ Դանիէլեանի դիմատետրի պաշտօնական էջին հրապարակուած լուսանկարներէն կ՚երեւայ, թէ ինչպէս գիտակցութիւնը կը կորսնցնէ պատգամաւորը։

Գիւղացիները անոր կը հեռացնեն ճանապարհահատուածէն, ջուր կը լեցնեն վրան՝ գիտակցութեան վերադարձնելու համար։ Քիչ անց եւս մէկ քաղաքացիի ինքնազգացողութիւն կը վատանայ, նաեւ կ՚իյնայ գետին։ Անոր ուշքի բերելէ ետք տղամարդը դիմած է ոստիկաններուն՝ ըսելով, որ այս պայքարը նաեւ անոնց համար է։

Նշենք, որ այս ճանապարհահատուածին ոստիկանական աշխատանքները կը ղեկավարէ ՆԳՆ Տաւուշի մարզային վարչութեան պետ Արթուր Մկրտչեանը։ Անոր հրամանով ոստիկանները սկսած են ճանապարհէն հեռացնել մեքենաները։