image

Տասը օրուան մէջ երրորդ անձը մահացած է Ֆլորիտայի «Տիսնէյլանտ»ի մէջ

Տասը օրուան մէջ երրորդ անձը մահացած է Ֆլորիտայի «Տիսնէյլանտ»ի մէջ

Ֆլորիտա նահանգը գտնուող «Ուոլթ Տիզնիի համաշխարհային հանգիստի կեդրոն»-ին մէջ վերջին տասը օրուան ընթացքին երրորդ անձը մահացած է։ Այս մասին յայտարարած  են տեղւոյն իշխանութիւնները։

«Ուոլթ Տիզնիի համաշխարհային հանգիստի կեդրոնին մէջ երրորդ անձը մահացած է երկու շաբաթէ ալ կարճ ժամանակի մէջ։ Մահերու այս սահմռկեցուցիչ յաջորդականութիւնը խամրեցուցած է աշխարհի ամենահեքիաթային վայրը։ Պետական մարմինները չեն բացայայտած մահուան յստակ պատճառը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած է, որ տղամարդը կեանքէն հեռացած է հանգիստի կեդրոնի հիւրանոցին մէջ։

Նախորդ շաբաթ նոյն հանգիստի գօտիին մէջ ինքնասպանութիւն գործած էր կին մը, իսկ երեքշաբթի օր 60-ամեայ տղամարդը կեանքէն հեռացած էր առողջական խնդիրներու պատճառով։