image

Տակաւին իրավիճակը կայուն չէ Ղազախստանի մէջ

Տակաւին իրավիճակը  կայուն չէ  Ղազախստանի մէջ

Ղազախստանի իշխանութիւնները դեռ չեն վերահսկեր իրավիճակը Ալմա Աթայի մէջ, յայտնած է «Ազատութիւն» ռատիոկայանը՝ վկայակոչելով We Can Explain-ի Թելեկրամ ալիքի՝  դէպքի վայրը գտնուող լրագրողին։

«Անոր խօսքով՝ Ազգային պահակներու հսկողութեան տակ են միայն քաղաքապետարանի եւ նախագահական նստավայրի շէնքերը եւ անոնց դիմացի տարածքը։ Երբեմն անոնք կրակոցներով կը վախցնեն: Սպաննուածներու մարմինները փողոցէն չեն հեռացներ, յայտնած է թղթակիցը, միայն ջոկատականները կը փորձեն փողոցները կարգ ու կանոն պահպանել։ Բնակիչներէն շատերը կը փորձեն լքել քաղաքը, բայց թաքսին մինչեւ մօտակայ սահման (ըստ երեւոյթին՝ Խրխզիստանի հետ) արժէ 500 տոլար անձի համար, ինչ որ մեծ գումար է Ղազախստանի համար։

Ռուսական «Տոժձ» հեռատեսիլի կայանի թղթակից Վասիլի Փոլոնսքի պատմած է, որ քաղաքի դիահերձարանին մօտ նկարահանումներու ժամանակ շէնքի անվտանգութեան աշխատակիցները ռազմական զէնքով սկսած են կրակել լրագրողներու ոտքերուն մօտ։ Նկարահանումներու ժամանակ ոստիկանները ինքնաշարժով մօտեցան դիահերձարանին, պահակները զէնքը ուղղեցին ոստիկաններուն վրայ եւ պահանջեցին իջեցնել զէնքերը, ոստիկանները ենթարկուեցան, կը պատմէ լրագրողին կինը»: