Երբեք կասկածա՞ծ էք ձեր արժէքին վրայ: Երբեք զգացա՞ծ էք աշխարհի կողմէ մերժուած, անտեսուած կամ թերագնահատուած:
Սոյն վերնագիրը կրող գրառումով մը հանդէս եկած է ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան Խաչվերացի տօնին առիթով խօսքը ուղղելով ժողովուրդին։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեանի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Հասարակութեան մէջ արժէքը յաճախ կ՚որոշուի նիւթական հարստութեամբ կամ հասարակութեան կարգավիճակով: Մեզ անընդհատ կը գնահատեն մեր դրամատան հաշիւներու չափով, հագուստի պիտակներով կամ ընկերային ցանցերու վրայ մեր հետեւորդներու քանակով:
Բայց Աստուծոյ տնտեսութիւնը այլ է: Ան չի նայիր ձեր դրամատան հաշիւին կամ ձեր ձեռքբերումներու ցանկին։ Ան կը նայի «քեզ»ի, որ սիրով ստեղծած է: Աշխարհիկ առումով՝ հարուստ կամ աղքատ, յաջողակ կամ ոչ ըլլալը, բացարձակապես կապ չունի ձեր իրական արժէքի հետ:
Գոյութիւն ունի երկու հիմնական բան, որ կ՚որոշէ կեանքի արժէքը. 1. Այն, ինչ որուն համար մէկը պատրաստ է վճարել: 2. Թէ որո՞ւ կը պատկանի այն:
Մտածէ՛ հետեւեալին մասին՝ արուեստի գործի արժէքը կը բարձրանայ, եթէ այն նկարուած է հանրածանօթ նկարիչի մը հողմէ կամ եթէ կը պատկանի հանրածանօթ անհատի մը: Իսկ հիմա նկատի ունեցիր հետեւեալը. «Դուք գնուած եւ վճարուած էք Քրիստոսի կողմէ, ուստի անոր կը պատկանիք» (Ա. Կորնթացիս 7.23): Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին, այնքան մեծ արժէք տեսաւ մէջդ, որ պատրաստ էր Իր կեանքը վճարել քեզի համար: Խաչը պարզապես զոհաբերութեան խորհրդանիշ չէ. այդ ձեր հսկայական արժէքին փաստն է:
Այսպիսով, երբ մենք այսօր կը նշենք Խաչվերաց տօնը, եկէք դադար առնենք եւ խորհինք այն զոհաբերութեան մասին, որ Քրիստոս Խաչին վրայ ըրաւ ինծի եւ ձեզի համար: Եթէ որեւէ ատեն կասկածիք ձեր արժէքին կամ նպատակին վրայ, յիշեցէք խաչը: Յիսուս ձեզի արժանի գտաւ եւ իր կեանքը նուիրեց ձեզի: