Տ. Արշակ Սրբազանէն պատասխան՝ Փաշինեանին

Տ. Արշակ Սրբազանէն պատասխան՝ Փաշինեանին

Եթէ ոմանք կ'ուզեն եկեղեցագիտութեամբ զբաղիլ, կրնան փորձել ընդունուիլ Հոգեւոր ճեմարան, եթէ,  ի հարկէ, յաղթահարեն ընդունելութեան համար սահմանուած կրթական շեմը եւ համոզիչ փաստարկներ ներկայացնեն առողջական բարւոք վիճակի վերաբերեալ:

Այս մասին ըսած է Մայր Աթոռի Դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեան ի պատասխան NEWS.am-ի հարցին, թէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախօրէին յայտարարած էր, եթէ եկեղեցին  կ'ուզէ զբաղիլ քաղաքականութեամբ, թող կուսակցութիւն ստեղծէ:

Նշենք, որ նախօրէին Փաշինեան Տաւուշի մէջ աղմկայարոյց յայտարարութիւն ըրած էր ըսելով. «Բայց կայ նաեւ հետեւեալ հանգամանքը. եթէ եկեղեցին ուզում է քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել, Հայաստանը ժողովրդավարական երկիր է, կարող է  նաեւ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել, ոչ մի բան չի խանգարում, որ կուսակցութիւն ստեղծեն ու դրա  շրջանակներում  նաեւ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալեն, ինչը, կարծում եմ, աւելի ազնիւ կը լինի եւ ընտրողների առաջ էլ, եւ այլ քաղաքական մրցակիցների հետ էլ կը լինեն նոյն հարթութեան վրայ:»