image
Հրատապ լուրեր:

Սուտանի վարչապետ Համտուք հրաժարական ներկայուց. Երկիրը դէպի աւելի խոր ճգնաժամ կ՚ընթանայ

Սուտանի վարչապետ Համտուք հրաժարական ներկայուց. Երկիրը  դէպի աւելի խոր  ճգնաժամ  կ՚ընթանայ

Սուտանի վարչապետ Ապտալլա Համտուք Յունուար 2-ին հրաժարական տուած է: «Ես որոշած եմ պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ յայտարարել վարչապետի պաշտօնէն հեռանալու մասին, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն տալ այս հիանալի երկրի մէկ այլ տղամարդու կամ կնոջ՝ օգնելու անոր՝ անցումային ժամանակաշրջանի աւարտէն յետոյ անցնելու քաղաքացիական ժողովրդավարական երկրի», յայտարարած է Համտուք:

Համտուքի պաշտօնաթողութիւնը տեղի ունեցաւ այն բանէն քանի մը ժամ անց, երբ Սուտանի անվտանգութեան ուժերը երկու ցուցարարներ սպաննեցին Խարթումի մէջ: Հոկտեմբերէն ի վեր Սուտանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցեուի ընթացքին զոհուած Է աւելի քան 50 մարդ: Սուտանի զինուորականները լոյս Հոկտեմբեր 25-ի գիշերը ձերբակալեցին անցումային կառավարութեան շարք մը նախարարներ, այդ շարքին՝ Համտուքը:

Այնուհետեւ Սուտանի բանակի զօրավար Պուրխանը երկրի ժողովուրդին յղած ուղերձին մէջ յայտարարեց երկրին մէջ արտակարգ դրություն մտցնելու, նախարարներու խորհուրդի եւ ինքնիշխան խորհուրդի արձակման մասին: Անոր խօսքով՝ բանակի իրադրութեան միջամտելու պատճառ հանդիսացան երկրի քաղաքական ուժերուն միջեւ տարաձայնութիւնները: Մէկ ամիս անց կնքուեցաւ Համտուքի՝ իշխանութեան վերադառնալու գործարքը: