Հալէպահայ գաղութը, որ կը համարուի «մայր գաղութ», այսօր ալ կը շարունակէ ոտքի մնալու իր պայքարը։
Ոտքի մնալու պայքար, որուն հիմնական առանցքը եւ յենասիւները մեր եկեղեցիներն են, ակումբները, բայց մանաւանդ վարժարանները։
Սուրիոյ պատերազմի ծանր փուլը արդէն մեր ետին է, մտահոգիչ է սակայն, որ այդ ասպնջական երկրին դէմ «տնտեսական պատերազմ»ը կը շարունակուի։
Պաշարում, պատիժներ եւ ամէնօրեայ սղաճը իրենց ծանր հետեւանքները սկսած են թողուլ նաեւ սուրիահայութեան սիրտ համարուող Հալէպ քաղաքին վրայ։
Հալէպահայ գաղութը, որ կը համարուի «մայր գաղութ», այսօր ալ կը շարունակէ ոտքի մնալու իր պայքարը։
Ոտքի մնալու պայքար, որուն հիմնական առանցքը եւ յենասիւները մեր եկեղեցիներն են, ակումբները, բայց մանաւանդ վարժարանները։
Այս ծիրին մէջ ալ օրերս Հալէպի մէջ գործող «Կրթասիրաց-Ս. Չէմպէրճեան» վարժարանի տնօրէնութիւնը նախաձեռնած է վարժարանին եւ վարժարանի սաներու պէտքերուն հասնելու համար օժանդակութեան նուիրահաւաք մը։
Եւ այդ առիթով ալ 600 սաներու երդիք եւ «տուն» համարուող «Կրթասիրաց»ի տնօրէն, ազգային յարգուած եւ նուիրեալ գործիչ ՝ Անդրանիկ Պօղոս հանդէս եկած է տեսագրութեամբ մը, ներկայացնելով այսօր ստեղծուած իրադրութիւնը ու նաեւ դիմելով «Կրթասիրաց»ի հին եւ նոր, Սուրիոյ մէջ ապրող, թէ Սփիւռքով ու Հայաստանով մէկ տարածուած բարեկամներուն, օժանդակելու եւ իրենց «աղքատի լուման» տալու իրենց սիրած վարժարանին։
Անդրանիկ Պօղոսի խօսքերը, ոչ միայն ջերմութիւն եւ շունչ կը պարունակեն այլ տոգորուած են հայպապահպանումի ոգիով ու այդ ոգիին յենելով է միայն, որ Հալէպը պիտի մնայ ամուր եւ այնտեղ արմատ նետած հայութիւնը վերակերտէ իր երբեմնի փառքն ու կերտէ պայծառ ապագան։
Դիտենք տեսանիւթը եւ չմոռնանք մեր բարոյական, թէ նիւթական նեցուկը ցոյց տալ Սուրիոյ ողջ հայութեան եւ յատկապէս այս հատուածներուն, որոնք կը սպասեն մեր օժանդակութեանց։
Նիւթը՝ «Արեւելք»ի