Միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը թէեւ Կազզէի վրայ կեդրոնացած է, սակայն, Սուրիոյ մարտահրաւէրներն ալ յաղթահարուած չեն՝ որքան որ ալ ամէն օր սրտաճմլիկ դրուագներ չթողարկուին լրատուամիջոցներուն կողմէ։ Սուրիոյ առկայ իրավիճակը կ՚ուղղորդուի երկրի հայ համայնքի ծանր կացութիւնով։ Հալէպի հայութեան ալ այս ամբողջին մէջ միշտ դառնութիւններ կը վիճակին։ Դեղագործ ու հասարակական գործիչ Վահէ Սարգիսեան կը վկայէ, որ Հալէպի վերաբերեալ լուրերը տխուր են։ Հայութեան սիրտ եւ «մայր գաղութ» համարուած այս ափը կը շարունակէ կոտտալ տնտեսական սուր տագնապներուն հետեւանքով ծնունդ առած վէրքերուն դիմաց։
Տխուրն այն է, որ ներկայիս Սուրիոյ, յատկապէս՝ Հալէպի համար փրկութեան ծրագրեր չկան։ Մէկ կողմէ թուլացած կառավարութիւնը, միւս կողմէ երկրի արեւելեան հատուածներուն մէջ ստեղծուած վիճակն ու Հալէպը ձեւով մը պաշարումի աքցանին մէջ դրած դժուարութիւնները ցաւօք կը պատմեն այն մասին, թէ յառաջիկայ ժամանակներուն եւս Հալէպէն դէպի այլ երկիրներ (նոյնիսկ Հայաստան) արտագաղթի ալիքը պիտի շարունակուի։
Ամէն պարագայի, Հալէպի մասին աւելի յստակ շեշտերով պատմելու նպատակով պէտք է դիմել տեղացիներու վկայութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վահէ Սարգիսեանի խորհրդածութիւններուն սղագրութիւնը։ Հարկ է նշել, որ ան կուսակցական պատկանելիութիւն չունի եւ իր մտքերուն եւ խօսքերուն իրական պատասխանատուութիւնը կ՚իյնան միայն իր ուսերուն վրայ։ Հետեւաբար, ենթադրելի է, որ ըլլան նաեւ այլախոհներ, ինչ որ բոլորի ազատութիւնն է։
*
-Սուրիան եւ մասնաւորապէս Հալէպը կը շարունակէ մնալ տնտեսական բարդ վիճակի մէջ։ Ի՞նչ է այս մէկուն իսկական պատճառը։ Ինչո՞ւ լուծումները կ՚ուշանան՝ մանաւանդ որ Սուրիա կը համարուի մեծ ներուժով երկիր մը։
-Սուրիա դարերէ ի վեր փայփայող ստնտու մայր եղած է իր քաղաքացիին, իսկ անոր ունեցած բնական հարստութիւնն ու տարածքային աշխարհաքաղաքական նուրբ դիրքը պատճառ դարձած են, որ անցեալի թագաւորութիւններն ու ներկայ գերպետութիւնները իրենց բռնատիրական նկրտումներով փորձեն զաւթել զայն։ Գրաւել՝ գողնալու ու հարստահարելու համար աչքի ինկած այս համեստ երկիրն ու իր խիզախ քաղաքացին, որ, ցաւ ի սիրտ, ներկայ օրերուն կքած է տնտեսական խճճուած ու բարդ ճնշումներուն տակ եւ դժուար թէ կարողանայ լուծում տալ առկայ խնդիրներուն։ Տակաւին Սուրիոյ կառավարութեան տիրապետութենէն դուրս կը շարունակեն մնալ յատկապէս ինքնաբաւութիւն ապահովող ու մեծ ներուժ շնորհող եկամտաբեր եւ բարեբեր հողատարածքները։ Խօսքս ի մասնաւորի արեւելեան հատուածին մասին է, ուր կան բազմապիսի բարիքներ պարունակող հողատարածքներ։ Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար խնդիրներու լուծումը ապահովել, երբ Սուրիան թշնամի յայտարարած ուժեր իրենց ձեռքերուն մէջ կը պահեն երկրի փրկութեան երաշխիքը:
-Վերջերս՝ յատկապէս Հալէպը ցնցած երկրաշարժէն ետք եղան լսումներ, թէ Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպի հայութեան կարեւոր մէկ հատուածը որոշած է դիմել արտագաղթի։ Այսօր ի՞նչ է իսկական պատկերը, արտագաղթի նոր ալիք մը երեւելի՞ է։
-Տասներկու տարուան վրայ երկարող ու տակաւին շարունակուող այս մղձաւանջին վրայ աւելցաւ բնութեան պատուհասը՝ իր աւերիչ երկրաշարժով, այս հէք ու տառապած ժողովուրդի ձեռքէն խլելու թէկուզ եւ մասնակի այն կառոյցներն ու կալուածները, որոնք տարիներու անխոնջ կամքի ու տքնաջան աշխատանքի արդիւնքն են։ Այդ կառոյցները՝ շէնքեր, բնակարաններ, եկեղեցիներ շատ շատերուս համար այս հողերու վրայ մնալու, պայքարելու յոյսն ու լոյսն են: Ինչպէ՞ս չմտածել արտագաղթի մասին, երբ մտքի հորիզոնի վրայ յոյսի ու լոյսի պլպլացող պատրոյգը հետզհետէ կը շիջի: Իրատեսութեան սահմաններուն մէջ մնալու համար չեմ կրնար թէկուզ տոկոսային յարաբերութեամբ հաշուարկել, թէ ի՛նչ է արտագաղթել որոշածներուն թիւը կամ այս ալիքը տակաւին որքա՛ն կրնայ բարձրանալ։ Առնուազն վստահութեամբ կրնամ հաւաստիացնել առկայ հոգետենչութիւնը։ Եթէ յանկարծ հնարաւորութիւն ընձեռուի արտագաղթի կապակցութեամբ, շատ կ՚ըլլան անոնք, որոնք դրական արձագանգ կ՚ունենան՝ ներառեալ ա՛յն խաւը, որ հաստատակամութեամբ վճռած էր կեանքը շարունակել իր օրրանը հանդիսացող Հալէպի մէջ:
-Հալէպահայութեան մէջ կայ հատուած մը, որ վճռած է իր կեանքը շարունակել Սուրիոյ եւ ծննդավայրը՝ Հալէպի մէջ։ Ի՞նչ են այդ հասարակութեան համար հիմնական խնդիրները կամ մարտահրաւէրները։
-Ինչպէ՞ս ապրիլ, գոյատեւել ու մնալ մարդկային արժանապատիւ կենցաղի մը մէջ, երբ տնտեսական իրավիճակներու բերումով իւրաքանչիւրի աշխատանքէն ձեռք բերուած հասոյթը անհամեմատ նուազ է՝ օրապահիկի ամենահամեստ ծախսէն: Ներկայիս անսովոր վիճակներ են փառքի օրեր ապրած հայութեան համար եւ նահանջ կը տիրէ կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառի մէջ:
-Համահայկական կտրուածքով Հալէպի հանդէպ անցեալի հետաքրքրութիւնը նուազեցաւ: Այդ առումով դժգոհութիւններ կա՞ն սփիւռքահայութեան կրաւորականութենէն։
-Դժուար է հալէպահայութեան համար ընդունիլ այն իրականութիւնը, թէ անցեալին գտնուելով փառքի ճոխութեան մէջ՝ եղած է բոլորին առատութեամբ տուող: Շէնշող գործունէութեամբ յոյս, լոյս եւ թիկունք կանգնած է կարօտեալին իւրաքանչիւր բնագաւառի մէջ, նաեւ շինող, կառուցող ու օգնող եղած է կարիքաւորին՝ վերցնելով տկարը, բարձրացնելով ինկածը: Իսկ հիմա արտասովոր իրավիճակներու բերումով, կամքէ անկախ, ինքն է վիրաւորն ու կարիքաւորը: Երանի գէթ օգտուողները ձեռք երկարէին ո՛չ թէ որպէս ողորմութիւն, այլ՝ որպէս երախտագիտական պարտք, թէկուզ մասնակի հաւատարմութեամբ այդ մէկը ցուցաբերէին: Հալէպահայը տակաւին սրտցաւութեամբ կը կրէ սփիւռքահայութեան կրաւորականութեան ու անոր Հալէպի տառապանքներուն նկատմամբ ցուցաբերած նուազ հետաքրքրութեան դաշոյնը, որմէ կոտտացող վէրքերը այնքան ցաւ չեն պատճառեր՝ որքան մեռածի նման մոռցուած ըլլալու դառնութիւնը:
-Ներկայիս ինչպիսի՞ խնդիրներ կը դիմագրաւեն հայկական վարժարանները։
-Ինչպէս բազմաթիւ ոլորտներ, այնպէս ալ կրթական բնագաւառը բաւական լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի՝ յատկապէս ուսուցիչներու աննշան ու չնչին վարձատրութեան պաճառաւ։ Շատ շատեր հրաժարելով իրենց պաշտօնէն ու ծառայութենէն՝ պատճառ դարձած են ո՛չ միայն կրթական մշակներու թիւի ու որակի նուազման, այլեւ մասնագէտ, հմուտ ու արհեստավարժ ուսուցիչներու բացակայութեան՝ պատճառ դառնալով գործող ուսուցիչներու յաւելեալ լուծ ու ծառայութեան ծանրաբեռնուածութեան: Այս վիճակը միջոց մը վերջ ժխտական անդրադարձը պիտի ունենայ ո՛չ միայն ուսանողին եւ կամ ուսուցիչին, այլեւ՝ նոյնինքն կրթական ծառայութեան գործընթացին:
-Յաճախ կը խօսուի այն մասին, թէ մարդագրական առումով յատկապէս Հալէպի մէջ մեծ փոփոխութիւններ արձանագրուած են։ Այդ բոլորը կ՚ազդե՞ն «հայկական Հալէպ» հասկացողութեան վրայ եւ դուք մտահոգութիւններ ունի՞ք Հալէպի հայկական դիմագծին կապակցութեամբ։
-Վերոյիշեալ իւրաքանչիւր կեանքի դրուագը եթէ համադրենք որպէս փոքրիկ խճաքար, ապա կը յստականայ ամբողջական պատկեր մը, որ կը յուշէ բաւականաչափ նօսրացած համայնքի մասին։ Սա ցաւ ի սիրտ, կը յիշեցնէ գաղութ մը, որ ենթակայ է նօսրանալու, ցրուելու եւ ի վերջոյ չքանալու: Եթէ վերջին քառորդ դարը՝ ներառեալ տասներկու դաժան տարիները պատճառ դարձան հայութեան մեծամասնութիւնը խլել իր օրրանէն, ապա գալիքը այդքան ալ լուսաշող չի կրնար ըլլալ, եթէ իրավիճակը կանխարգիլելու համար համահայկական փրկարար ծրագիր մը չմշակուի։ Միեւնոյն ժամանակ պէտք է համախմբուիլ նուիրական այս նպատակին դրական ընթացք մը տալու եւ առկայ նահանջին ապահով ապագայի տեսիլք մը աւելցնելու շուրջ: Որո՞ւ պէտք է հաւատալ ու սպասել, եթէ ոչ Տիրոջ։ «Բայց Տէրը պիտի սպասէ, որպէսզի ձեզի գթութիւն ընէ ու պիտի բարձրանայ որպէսզի ձեզի ողորմի: Քանզի Տէրը արդար Աստուած մըն է: Երանի՜ այն ամէնուն, որ անոր կը սպասեն» (Եսայի 30:18):
Սագօ Արեան
Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն