Սուրիան որոշած է խզել դիւանագիտական յարաբերութիւններն Ուքրանիոյ հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական «SANA» գործակալութիւնը` յղում ընելով Սուրիոյ ԱԳ նախարարութեան:
Կը նշուի, որ պատճառն ուքրանական իշխանութիւններու կողմէ նմանատիպ որոշման կայացումն է։
Ինչպէս ընդգծած է գործակալութիւնը, պաշտօնական Դամասկոսը նման որոշում կայացուցած է՝ ելլելով փոխադարձութեան սկզբունքէն, քանի որ Քիեւն օրեր առաջ յայտարարած էր Սուրիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզման մասին։
Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու մասին յայտարարած է 30 յունիսին։ Նման որոշումը պայմանաւորուած էր Դամասկոսի՝ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ ժողովրդական հանրապետութիւնները ճանչնալու որոշմամբ։