image

Սուրբ Սարգիսի տօնը՝ Փասատինայի մէջ. Պատարագած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք.ը

Սուրբ Սարգիսի տօնը՝ Փասատինայի մէջ. Պատարագած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք.ը

Օրերս մեր ժողովուրդի սիրուած սուրբերէն Սուրբ Սարգիսի տօնը նշուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմէն  ներս։

Այս առթիւ ալ տօնական Սուրբ Պատարագն ու մատաղօրհնութիւնը եղած է Փասատինա շրջանի Սուրբին անունը կրող եկեղեցւոյ մէջ, ուր Սուրբ Պատարագը կատարած է եւ հաւատացեալներուն օրուայ պատգամը տուած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան։

Ստորեւ առիթին մասին տրուած լրատւութիւնը։

Կիրակի, 16 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ս. Սարգիս տօնին առիթով պատարագեց, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ապա շնորհաւորեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու բոլոր Սարգիս եւ Մարտիրոս անունները կրողները եւ նախագահեց Սիրոյ սեղանին, իր հօտի զաւակներուն հետ կիսելով հաց, ինչպէս նաեւ` ամենայն բարիք, արեւշատութիւն եւ բարօր կեանք մաղթելով շրջանի հայ բնակչութեան բոլոր զաւակներուն: 

Արդարեւ, արարողութեան ընթացքին Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, սարկաւագաց ու դպրաց դասերը, երգչախումբը երգեց ղեկավարութեամբ Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի: Ս. եւ անմահ Պատարագին ներկայ եղան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան եւ Տիկինը՝ Ծովիկ, որ, իր կարգին, անդամ է Ազգ. վարչութեան: Ներկայ էին նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամ եւ շրջանի երեսփոխան Տիար Սարգիս Թաթիկեան, եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու հաւատացեալ հոծ բազմութիւն: 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր յաւիտենական կեանքի առաջնորդող հոգեւոր սնունդը, Յիսուս Քրիստոսի «Ես եմ կեանքի հացը» խօսքին համահունչ: Ի դիմաց ֆիզիքական սնունդի ժամանցելիութեան, Գեղամ Արքեպիսկոպոս շեշտեց Յիսուս Քրիստոսի կողմէ աշխարհին հրամցուած հոգիի յաւիտենական անմահութիւնը՝ իր խորհրդածութիւններուն եւ կեանքէն քաղուած օրինակներուն ընդմէջէն վեր առնելով մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցով Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգելու անհրաժեշտութիւնը: 

Գեղամ Արքեպիսկոպոսի պատգամը նաեւ անդրադարձ էր Ս. Սարգիս զօրավարի եւ անոր ու զաւկին՝ Մարտիրոսի նահատակութեան, յանուն Յիսուս Քրիստոսի վրայ կառուցուած անոնց հաւատքի անսասանութեան՝ դիտել տալով, որ «Ս. Սարգիս հայ ժողովուրդի բարեպաշտութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ, ան ժողովուրդին կողմէ նկատուած է դժուար պայմաններու սուրբը, կոչուած է «արագահաս սուրբ», որուն դիմած են բարեպաշտներ՝ բնական աղէտներու, փոթորիկներու եւ անապահով պայմաններու մէջ գտնուած պահերուն», ապա խրախուսեց ներկաները տէր կանգնիլ Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւններուն, ազգային ու բարեպաշտական հաւատալիքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր եկեղեցւոյ եւ սուրբերուն ճամբով ճանչնալ ճշմարտութիւնը, ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսը իբրեւ յաւիտենական կեանքի հացը եւ ազգային իմաստով՝ միաժամանակ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մեր կեանքին մէջ արժեւորենք՝ իբրեւ մեր հոգիներուն ճշմարիտ սնունդ ու կերակուր մատակարարող երկնային խորհուրդ ու հոգեւոր տուն: 

Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց մատաղօրհնէք, ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիսապետեց Հոգաբարձութեան կողմէ կազմակերպուած Սիրոյ սեղանին, հաց կիսեց ներկաներուն հետ եւ գօտեպնդեց անոնց նուիրուածութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ, գնահատեց բարերարներն ու պատասխանատուները, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին: