image
Հրատապ լուրեր:

Սուրբ Աստծուածածնայ տօնը ՝Զմմառու Վանքէն ներս (Լուսանկար)

  Սուրբ Աստծուածածնայ տօնը ՝Զմմառու Վանքէն ներս (Լուսանկար)

 

 

 

 Դարաւոր անցեալ ունեցող եւ Լիբանանի վեհանիստ շրջանին ՝ Զմմառու մէջ բարձրացած վանքէն ներս հանդիսապետութեամբ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք Ամեն Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ-ին մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որմէ ետք ալ տեղի ունեցած է խաղօղօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւն։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ կը կիսենք այդ առթիւ պատրաստուած յաւուր պատշաճի լրատւութիւնը։

 

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը մեծ շուքով կը տօնախմբէ համայն քրիստոնեաները օգոստոս 15-ին: Իսկ Հայ Եկեղեցին` օգոստոս 15-ի մօտաւոր կիրակին, այսինքն 12-էն 18 օգոստոսի միջեւ: Աստուածամօր Վերափոխման տօնը հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է, որուն ընթացքին կ՛ոգեկոչենք Ս. Աստուածածնայ երկինք փոխադրուիլը:

Կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս պատրիարքը հանդիսաւոր պատարագ մատուցանեց "Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան" ամփիթատրոնին մէջ, առընթերակայութեամբ՝ Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի փոխ տեսուչ՝ Գեր. Կարապետ Վրդ. Գլընճեանի եւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ՝ Գեր. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի։ Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց հայ կաթողիկէ «Արծիւեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գէորգ Քէշիշեանի:

Իր պատգամին մէջ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Վերափոխման Տօնի կարեւորութեան համայն քրիստոնեայ աշխարհի կեանքին մէջ եւ յատկապէս հայերուս մօտ: Նոյնպէս աղօթք բարձրացուց Լիբանանի համար, որպէսզի այս դժուարին օրերը յաղթահարէ եւ նոր վերելք մը ապրի տնտեսական ու ընկերային գետնի վրայ, եւ որպէսզի համերաշխութիւնը տիրէ այս ասպնջական հողին վրայ: Կաթողիկոս Պատրիարքը խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով անուանակոչութիւնը բոլոր անոնց, որոնք կը կրեն Մարիամ, Մարի եւ նման անուններ:

Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք: Այս գեղեցիկ աւանդութիւնը հայ ժողովուրդի բարեպաշտութեան մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւած է: 

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ագապ դպրեվանքի սեղանատան մէջ, մասնակցութեամբ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, վանքի վարչական հայրերու, Լիբանան ժամանած սրբազաններու, Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան հայրերուն, Լիբանանի թեմի հարերու, դպրեվանքի ժառանգաւորներու, եւ «Արծիւեան» երգչախումբին: Տօնուեցաւ Զմմառու վանքի մեծաւոր` Գաբրիէլ Թ.Ծ. վրդ. Մուրատեանի քահանայական ձեռնադրութեան 24-րդ ամեակը, ինչպէս նաեւ Արհիապատիւ Եղիա Եպս. Եղիայեանի Եպիսկոպոսական օծման եւ Նարեկ Վրդ. Մնոյեանի ձեռնադրութեան տարեդարձը։