Ցնծութեան մէջ է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին։ Օրերս սարկաւագական ձեռնադրութեան արժանի դարձած է Սահակ կիսասարկաւագ Քէշիշեանը։
Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք համացանցէն։
Նշենք, որ այս առթիւ Զմմառու վանքի մամլոյ մարմինը հրապարակած է հակիրճ հաղորդագրութիւն մը, որ կու տանք ստորեւ՝
Շաբաթ, 6 Նոյեմբեր 2021-ի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Զմմառու ընծայարանի պաշտպան Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետի տօնին առթիւ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Սահակ կիսասարկաւագ Քէշիշեանի` սարկաւագական ձեռնադրութիւնը, նախագահութեամբ` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Հայրապետի:
Պատարագեց, ձեռնադրեց եւ քարոզեց` Արհ. Հ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, առընթերակայութեամբ` Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Մայրավանքի փոխ մեծաւոր եւ արտաքին մատակարար եւ Սուրբ Եղիա-Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Գեր. Անոտն Վրդ. Նորատունկեանի եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ` Գեր. Տիգրան Վրդ. Փիլիպպոսեանի։
Ձեռնադրեալին խարտաւիլակն էր՝ Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ` Գեր. Գրիգոր Վրդ. Պատիշահ:
Խորանէն տօնին եւ ձեռնադրութեան առնչութեամբ հանգամանալի խօսքը փոխանցեց` Պէյրութի թեմի Պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր` Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան:
Հոգեպարար արարողութենէն ետք` Հոգեւոր Տէրը, ձեռնադրիչ Եպիսկոպոսը, Մեծաւոր Հայրը, տեսուչ Հայր Սուրբը, նորօծ սարկաւագը եւ ծնողքը ընդունեցան ներկաներուն շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները Վանքին դահլիճին մէջ:
Ապա դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթ:
Ընթացքին նորընծաներն ու ժառանգաւորները գեղարուեստական յայտագրով մը իմաստաւորեցին տօնակատարութիւնը:
Տեսուչ Հայր Սուրբը իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին դպրեվանքի իրականութեան համար եւ նորօծ սարկաւագին շնորհաւորեց:
Աւանդութեան համաձայն տեղի ունեցաւ` Դպրեվանքի դիմագիծը հանդիսացող «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքի 22-րդ համարի գինեձօնը, որ ձօնուած է` Զմմառու Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 250 ամեակին, ինչպէս եւ դպրեվանքին համար պատրաստուած եւ հրատարակուած «Հայ Գրականութեան» դասագիրքի շնորհանդէսը։ Տօնը իր լրումին հասաւ օրուան կարկանդակին հատումով:
Հոգեւոր Տիրոջ Հայրական սրտառուչ խօսքերովը, աղօթքովն ու յիշատակի լուսանկարով վերջ գտաւ միջոցառումը:
