Հոլիվուտեան դերասան եւ սենարիստ Սթիվըն Սիկալը, որ ստացած է Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն, կամաւոր առաջարկած է օգնել Ռուսաստանի եւ Ճափոնի միջեւ երկխօսութեան հաստատման:
«Ինծի ցաւ կը պատճառէ լսել, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները կը փլուզուին, եւ յոյսով եմ, որ զանոնք հնարաւոր կ'ըլլայ նորոգել», ըսած է դերասանը։
Անոր խօսքով՝ Ռուսաստանի կառավարութեան մէջ կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք դրական կը վերաբերին Ճափոնին, իսկ շատ ճափոնցիներ փոխադարձաբար կ'արձագանգեն։
Ան նաեւ ըսած է, որ մտադիր է լուրջ ջանքեր գործադրելու՝ պարզելու համար, թէ ինչ կը կատարուի Մոսկուայի եւ Թոքիոյի միջև, եւ այդ կը վերաբերի ոչ միայն Քուրիլեան կղզիներու սեփականութեան հարցին։ Անոր խօսքով՝ ինք մտադիր է հանդիպելու Ճափոնի նոր վարչապետ Ֆումիօ Քիսիտայի հետ։
Սիկալը Ռուսաստանի քաղաքացի դարձած է 2016 թուականին, իսկ երկու տարի անց նշանակուած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան յատուկ ներկայացուցիչ ռուս-ամերիկեան մարդասիրական կապերու եւ ընդհանուր մշակութային ու պատմական ժառանգութեան հարցերով։