image

Սրի Լանքայի ցուցարարները համաձայնած են լքել կառավարական շէնքերը

Սրի Լանքայի ցուցարարները համաձայնած են լքել  կառավարական շէնքերը


Սրի Լանքայի մէջ նախագահի հրաժարականը պահանջող ցուցարարները համաձայնած են ազատել նախագահի ու վարչապետի նստավայրերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը, յղում ընելով Daily Mirror պարբերականին։

Աղբիւրի տուեալներով՝ ցուցարարները «որոշած են իշխանութիւններուն վերադարձնել կառավարական բոլոր շէնքերը, այդ շարքին՝ նախագահական առանձնատունը, նախագահի գրասենեակը եւ վարչապետի գրասենեակը»։

Յիշեցնենք, որ Սրի Լանքայի մայրաքաղաք Քոլոմպոյի մէջ նախագահի հրաժարականը պահանջող ցուցարարները 9 յուլիսին գրաւած էին նախագահի ու վարչապետի նստավայրերը՝ յայտարարելով, որ պիտի չլքեն կառավարական շէնքերը մինչեւ որ նախագահ Կոթապայա Ռաճապաքսան հրաժարական տայ։

Երկրին մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական աղէտալի վիճակի եւ ամիսներէ ի վեր ընթացող ցոյցերուն ի տես՝ կ'ակնկալուէր, որ նախագահն իր հրաժարականի մասին յայտարարէր չորեքշաբթի, սակայն առայժմ ան որեւէ յայտարարութեամբ հանդէս չէ եկած: