image

Սպիտակ Տունը արձագանգած է Politico-ի չարագուշակ հրապարակումին

Սպիտակ Տունը արձագանգած է Politico-ի չարագուշակ հրապարակումին

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը պատասխանած է «Ամերիկայի ձայն»ի հայկական ծառայութեան հարցման՝ կապուած Politico հանդէսին մէջ լոյս տեսած «Պլինքըն զգուշացուցած է օրէնսդիրները, որ Ատրպէյճան կրնայ ներխուժել Հայաստան առաջիկայ շաբաթներուն» վերնագիրով հրապարակման հետ:

Ի պատասխան՝ պետական քարտուղարութիւնն ընդգծած է, որ «Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ համագործակցիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներուն հետ ամենաբարձր մակարդակներով՝ ձգտելով արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեան, ուր կը յարգուին  բոլորին իրաւունքները: Ուժի կիրառումն անընդունելի է, եւ ուղիղ երկխօսութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի այս երկարատեւ հակամարտութեան կարգաւորման համար», նշուած է պետական քարտուղարութեան պատասխանին մէջ։

Ամերիկեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը նաեւ նշած է, որ «Միացեալ Նահանգները կ'աջակցի Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն՝ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն հետ սերտ համագործակցութեամբ օգնելու տեղահանուածներուն ապաստան եւ յարմարաւէտութիւն գտնելու Հայաստանի մէջ։ Մենք մեր կարեկցանքը կը յայտնենք տեղահանուած անձերուն՝ գիտակցելով, թէ անոնք ինչ ցնցումի եւ տագնապի միջով անցած են, եւ ինչ անորոշութեան հետ բախում կ'ունենան»:

Պետական քարտուղարութիւնը նաեւ աւելցուցած է, որ Պաքուն պատասխանատուութիւն կը կրէ խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու եւ բոլորին նկատմամբ մարդկային վերաբերմունք ապահովելու համար, ներառեալ անոնք, որոնց կը կասկածի ռազմական գործողութիւններու մասնակցութեան մէջ:

«Ատրպէյճան նաեւ պատասխանատու է, որ իր (զինուած) ուժերը համապատասխանեն միջազգային իրաւունքին, ներառեալ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին, որ կը կարգաւորէ ռազմական գործողութիւններու իրականացումը, խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութիւնը եւ ռազմական գործողութիւններու մասնակիցներու նկատմամբ մարդասիրական վերաբերմունքը», ըսուած է «Ամերիկայի ձայն»ի հայկական ծառայութեան ուղղուած պետական քարտուղարութեան պատասխանին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Politico պարբերականը յղում կատարելով իր աղբիւրներուն մէջբերած էր   Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Անթընի Պլինքընի  խօսքը ուղղուած ամերիկացի  օրէնսդիրներուն, ուր պետական քարտուղարը զգուշացուցած էր, որ առաջիկայ շաբաթներու ընթացքին Ատրպէյճան հարաւային ուղղութեամբ կրնայ ներխուժել Հայաստան:

«Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն աւելի վաղ Հայաստանին կոչ ըրած էր «միջանցք» բանալու հարաւային սահմանի երկայնքով, որ Ատրպէյճանը կը կապէ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ սահմանակից տարածքին: Ալիեւ սպառնացած է այդ հարցը լուծել «ուժային ճանապարհով»,- գրած է պարբերականը։ 

Պարբերականը շարունակած է, որ ըստ աղբիւրներուն՝ 3 հոկտեմբերին կայացած հեռախօսազրոյցին օրէնսդիրները Պլինքընէն պահանջած են հնարաւոր միջոցներ ձեռնարկել Ալիեւի դէմ՝ ի պատասխան սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղ ներխուժման:

Պլինքըն պատասխանած է, որ պետական բաժանմունքը ուղիներ կը փնտռէ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար եւ չի ծրագրեր  ռազմական օգնութիւն տրամադրել Պաքուին: Պլինքըն աւելցուցած է, որ հաւանականութիւն կը տեսնէ, որ առաջիկայ շաբաթներուն Ատրպէյճան հարաւային ուղղութեամբ ներխուժէ Հայաստան։