image

Սպիտակ Տունէն մեկնաբանութիւն՝ Փաշինեան-Ալիեւ գալիք հաւանական հանդիպման մասին

Սպիտակ Տունէն մեկնաբանութիւն՝ Փաշինեան-Ալիեւ գալիք հաւանական հանդիպման մասին

Միացեալ Նահանգները ուղիղ երկխօսութիւն կը պահպանէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, անկախ, թէ ուր կը կայանան անոնց հանդիպումները։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Վետանթ Փաթելը` մեկնաբանելով մայիս 25-ին Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը։

Ան սկզբունքօրէն կարեւոր համարած է կողմերու միջեւ ուղիղ բանակցութիւնները։

«Ան՝ [Հարաւային Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոն] կը շարունակէ խորապէս ներգրաւուած ըլլալ այս հարցով... ։ Մայիսի սկիզբը մեր հիւրընկալած բանակցութիւնները կ'որակենք կառուցողական: Կողմերն իրենք համաձայնած են որոշակի դրոյթներու շուրջ: Այժմ անոնք աւելի լաւ կը հասկնան իրար: Կ'ողջունենք շարունակական երկխօսութիւնը այս թեմայի շուրջ»,- նշած էՓաթել: