image

Սփիւռքահայ տաղանդաւոր երաժիշտ Սէրուժ Գրաճեան յառաջիկայ հոկտեմբերին ելոյթ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ (Լուսանկար)

Սփիւռքահայ տաղանդաւոր երաժիշտ Սէրուժ Գրաճեան  յառաջիկայ  հոկտեմբերին ելոյթ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ (Լուսանկար)

Սէրուժ Գրաճեան  բազմակողմանի երաժիշտ է, որու պատրաստակամութիւնը միաւորելու տարբեր երաժշտական ոճեր եւ կոտրելու կաղապարներ, իրեն կը դարձնէ եզակի անհատականութիւն մը միջազգային բեմերու վրայ: 

The New York Times-ը Գրաճեանի նուագը նկարագրած է որպէս «համոզիչ հաւասարակշռութիւն, նրբագեղութեան և ոգիի միջեւ եղած կատարում»:

 

 Գանատահայ (արմատներով՝ Պէձրութէն) շնորհալի դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեան յառաջիկայ հոկտեմբերին ելոյթ մը պիտի ունենայ Երեւանի Օփերային տան մէջ։

 

 Այս մասին իմացանք «Արեւելք»ի աղբիւրէն։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Գանատա հաստատուած Գրաճեանի անունը առաջադրուած է միջազգային Կրեմմի մրցանքին եւ ան երկու անգամներով դարձած է Juno մրցանակի դափնեկիր։

 

 Սէրուժ Գրաճեան  բազմակողմանի երաժիշտ է, որու պատրաստակամութիւնը միաւորելու տարբեր երաժշտական ոճեր եւ կոտրելու կաղապարներ, իրեն կը դարձնէ եզակի անհատականութիւն մը միջազգային բեմերու վրայ: 

The New York Times-ը Գրաճեանի նուագը նկարագրած է որպէս «համոզիչ հաւասարակշռութիւն, նրբագեղութեան և ոգիի միջեւ եղած կատարում»:

Մենահամերգներով եւ իր ստեղծագործութիւններու կատարումներով 

Սէրուժ հանդէս եկած է Գանատայի բոլոր խոշոր քաղաքներու բեմերէն, հասնելով մինչեւ ԱՄՆ, Եւրոպա, Ասիա և Լատինական Ամերիկայի երկիրներ: 

Որպէս սոլիստ դաշնակահար նուագած է Թորոնթոյի, Վանքուվըրի, Էտմոնթոնի, Մատրիտի եւ 

Ռուսաստանի ազգային նուագախումբերու, եւ Հայաստանի ֆիլհարմոնիկին հետ։

Սէրուժ Գրաճեան Amici կամերային անսամպլի գեղարուեստական ղեկավարն է։ 

Իր յօրինած օփերայի՝ «Հազարան բլբուլ»ի առաջին կատարումը պիտի կայանայ 2023 թվականին։