Կապանի «Սիւնիք» օդակայանը Օդային երթեւեկութեան միջազգային միութեան կողմէ (IATA) եռանիշ քոտ ստացած է՝ YUK, որ կը նշանակէ, որ այն կրնայ սպասարկել միջազգային կանոնաւոր թռիչքներ:
Մինչ այս «Սիւնիք»ն արդէն ստացած էր Քաղաքացիական օդագնացութեան միջազգային կազմակերպութեան (ICAO, կառոյց է ՄԱԿ-ի համակարգին մէջ) քառանիշ քոտ՝ UDCK, որ անոր իրաւունք կու տար սպասարկել միջազգային ոչ կանոնաւոր (չարթըրային, սեզոնային) թռիչքներ:
Յատկանշական է, որ «Սիւնիք»ը ՀՀ ընդամէնը երրորդ օդակայանն է, որ ունի IATA-ի քոտ:
«Զուարթնոց» (Երեւան) – EVN (IATA), UDYZ (ICAO)
«Շիրակ» (Գիւմրի) – LWN (IATA), UDSG (ICAO)
«Սիւնիք» (Կապան) – YUK (IATA), UDCK (ICAO)
«Էրեբունի» (Երեւան) – UDYE (ICAO)
«Ստեփանաւան» (Ստեփանավան/Տաշիր) – UDLS (ICAO), ներկայիս չի շահագործուիր:
Թէեւ պաշտօնապէս Սիւնիքի մարզկեդրոնն այսուհետեւ կանոնաւոր եւ ոչ կանոնաւոր միջազգային թռիչքներ ընդունելու իրաւունք ունի, գործնականապէս Կապանի օդակայանը ներկայիս կը սպասարկէ միայն Երեւան-Կապան-Երեւան ներքին չուերթը:
«Սիւնիք» օդակայանը չի կրնար ընդունիլ այնպիսի խոշոր օդանաւեր (օրինակ՝ «Boeing» կամ «Airbus»), որոնք վայրէջք կը կատարեն Երեւանի «Զուարթնոց»ի կամ Գիւմրիի «Շիրակ»ի մէջ, բայց աւելի փոքր օդանաւերու հարցով այն պէտք է որ խնդիր չունենայ: