image

Սիտնի. Նուիրեալ Դաշնակցական Յակոբ Ապուլաքեանի կորուստը

Սիտնի. Նուիրեալ Դաշնակցական Յակոբ Ապուլաքեանի կորուստը

 Օրերս Սիտնիի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Աւստրալիոյ հայագաղութի յարգուած  անդամներէն, նուիրեալ Դաշնակցական՝ Յակոբ Ապուլաքեան։

Տխրունիին մասին «Արեւելք» իմացաւ  Աւստրալիոյ ՀՅԴ պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած մահագրութիւնը՝ 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Հիւսիսային Սիտնիի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ՝ Ընկեր Յակոբ Ապուլաքեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ 23 Մայիսի առաւօտեան ժամերուն:

Ընկեր Յակոբ Ապուլաքեանի կեանքը` Դաշնակցութեան եւ Աւստրալահայ գաղութին համար եղաւ համակ նուիրում ու զոհողութիւն:

Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի 28 Մայիսի 2025-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Macquarie Park գերեզմանատան մէջ, որուն պիտի յաջորդէ հոգեսուրճ Wallumatta սրահէն ներս:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Յակոբի ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

Սիտնի - Աւստրալիա