Սուրիական ճգնաժամի մեկնարկէն ի վեր`12 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ այցելած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։
Այս մասին գրած է Deutsche Welle-ն՝ յղում ընելով Սուրիոյ պետական SANA լրատուական գործակալութեան:
Ասատ հանդիպած է Ապու Տապիի թագաժառանգ արքայազն շէյխ Մուհամմետ պըն Զաէյտ Ալ Նահաեանի եւ Տուպայի էմիրութեան կառավարիչ շէյխ Մոհամմետ պըն Ռաշէտ Ալ Մաքթումի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու ընդհանուր յարաբերութիւնները, երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները: Քննարկուած է Սուրիայէն օտարերկրեայ զօրքերու դուրսբերման եւ Սուրիոյ ու անոր ժողովուրդին քաղաքական ու մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու հարցերը: