Դատախազը 2024 թուականի փետրուար 21-ին սեփական նախաձեռնութեամբ փոխած է Քննչական կոմիտէի կողմէ քննուող քրէական վարոյթով անցնող մեղադրեալ՝ առեւտրային կազմակերպութեան ղեկավար Ա.Հ.-ի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոց կալանքը: Այս մասին յայտնած են ՀՀ դատախազութենէն։
Հաշուի առնելով, որ մեղադրեալը ցուցմունքներ տուած է քրէական վարոյթի համար էական նշանակութիւն ունեցող հանգամանքներու վերաբերեալ, անոր մասնակցութեամբ կատարուած են առերեսումներ, որպիսի պայմաններու մէջ վարոյթի ներկայ փուլին էականօրէն նուազած է մեղադրեալի կողմէ ոչ իրաւաչափ վարքագիծ դրսեւորելու, ապացուցման գործընթացին միջամտելու հաւանականութիւնը՝ դատախազը վարոյթն իրականացնող մարմնին յանձնարարած է մեղադրեալի նկատմամբ կիրառել համակցուած այլընտրանքային խափանման միջոցներ՝ գրաւ, բացակայելու արգելք եւ երաշխաւորութիւն:
Յիշեցնենք, որ դատախազը 2024 թուականի յունուար 31-ին եւ փետրուար 15-ին հանրային քրէական հետապնդումներ յարուցած էր ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան պաշտօնատար անձանց նկատմամբ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 441-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 4-րդ կէտով (պաշտօնատար անձի կողմէ իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ ատոնցմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը չարաշահելը կամ լիազօրութիւնները անցնիլը), իսկ առեւտրային կազմակերպութեան ղեկավարի եւ աշխատակիցներու նկատմամբ՝ նոյն արարքին յանցակցելու համար (Քրէական օրէնսգիրքի 46-441-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 4-րդ կէտ):