image
Հրատապ լուրեր:

«Շէնքին մէջ 12 հոգի կար, բոլորն ալ մահացան».Հալէպահայ հայրենակից (Տեսանիւթ)

 «Շէնքին մէջ 12 հոգի կար, բոլորն ալ մահացան».Հալէպահայ հայրենակից (Տեսանիւթ)

«Այսքան տարի աշխատեցանք, ու կը տեսնէք, որ շէնքը թըփ ըրաւ եւ ինկաւ...»,-այս խօսքերը կը պատկանին հալէպահայ մեր հայրենակիցին, որ կարճ տեսանիւթ մը տեղադրած է դիմատետրի էջերով։ 

 

Մեր հայրենակիցը նաեւ իր նկարահանած շէնքին դիմաց կանգնելէ ետք մասնաւորապէս կ՚ըսէ, որ եղած երկրաշարժին հետեւանքով փլատակուած շէնքի 12 բնակիչները զոհուած են են անոնց մէջ եղած է կրօնաւոր գործիչ մը։

Ան մեծ յուզումով, բայց եւ ամրութեամբ կը պատմէ Հալէպի մասին, որուն տարբեր շրջանները մեծապէս ազդուեցան եղած երկրաշարժէն նշելով նաեւ, որ եղածը ահաւոր էր ու մտահոգիչ։

Յիշեցնենք, որ հազարաւորներու կեանքը խլած այս աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած էին 16 հայորդիներ, որոնց 11 թրքահայեր էին, իսկ 12-ը սուրիահայեր։

 

 

Լուրը  ՝ «Արեւելք»ի