image
Հրատապ լուրեր:

Սէուտցի գահաժառանգը գոռացած է ամերիկացի պաշտօնեայի վրայ

Սէուտցի  գահաժառանգը գոռացած է  ամերիկացի  պաշտօնեայի վրայ

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազն Մոհամմատ պըն Սալման բղաւած է ԱՄՆ  նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւանի վրայ, երբ վերջինս յիշատակած է ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոքճիի սպանութիւնը: 

Պըն Սալմանի եւ Սալիւանի հանդիպումը տեղի ունեցած է անցեալ տարուայ կէսերուն: Կը նշուի, որ արքայազնը ծրագրած էր զրոյցի ընթացքին զուսպ ոճ պահպանել, սակայն չէ դիմացած եւ անմիջապէս բղաւած է ամերիկացիին վրայ, երբ վերջինս յիշատակած է սէուտցիներուն կողմէ Ժամալ Խաշոքճիի սպանութիւնը:

Պետութեան ապագայ ղեկավարը սպառնացած է նաեւ, որ Սէուտական Արաբիան պիտի չընդլայնէ նաւթի արդիւնահանումը: