Օրերս լոյս տեսած է ՀՀ 3-րդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի «Բանակցային առաջնագծում» գիրքը:
Շուտով տեղի պիտի ունենայ գիրքի շնորհանդէսը, որու ընթացքին մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի տրուին գիրքին վերաբերեալ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ 3-րդ նախագահի գրասենեակէն:
Հաղորդագութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.-
«Հաշուի առնելով Արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ օրերս լոյս ընծայուած «Բանակցային առաջնագծում» գրքի նկատմամբ առաջացած մեծ հետաքրքրութիւնը եւ ստացուող բազմաթիւ հարցադրումները՝ տեղեկացնում ենք, որ շուտով տեղի կ'ունենայ գրքի շնորհանդէսը, որի ընթացքում մանրամասն տեղեկութիւններ կը տրուեն գրքի վերաբերեալ:
Գրքի տպաքանակի մի մասը կը ներկայացուի վաճառքի, որից ստացուած հասոյթը կը փոխանցուի Զինծառայողների ապահովագրութեան հիմնադրամին:
«Բանակցային առաջնագծում» գիրքը հնարաւոր կը լինի ձեռք բերել բոլոր գրախանութներում»: