Պոլսոյ մէջ գործող Սեբաստահայերու եւ բարեկամներու միութիւնը, օրերս, Նառլըգաբուի եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպած են «քէօֆթէ»ի աւանդական օրը, համախմբելով նախկին սեբաստացիները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Սեբաստահայերու եւ բարեկամներու միութիւնը Շաբաթ գիշեր, Նառլըգաբուի եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպեց «քէօֆթէ»ի աւանդական օրը, համախմբելով նախկին սեբաստացիները։
Երգն ու պարը անպակաս եղան այս հաւաքոյթէն։ Մատուցուեցան «քէօֆթէ» եւ փիլաւ։ Հնչեցին տոհմիկ երգեր։ Բոլորը միասին շուրջպարի ելան, վերաթարմացուցին իրենց յիշատակները, բարեկամներ ու ընկերներ առիթն ունեցան հաճելի պահեր ապրելու նոյն երդիքին տակ։