image
Հրատապ լուրեր:

Սաիտ Ճալիլին եւ Մասուտ Փեզեշքիան պիտի մրցին Իրանի նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլին

Սաիտ Ճալիլին եւ Մասուտ Փեզեշքիան պիտի մրցին Իրանի նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլին

Իրանի մէջ նախագահի ընտրութեան առաջին փուլի վերջնական արդիւնքներու հրապարակումէն յետոյ Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի մէջ Իրանի հոգեւոր առաջնորդի ներկայացուցիչ Սաիտ Ճալիլի եւ առողջապահութեան նախկին նախարար Մասուտ Փեզեշքիան անցած են ընտրապայքարի երկրորդ փուլ:

Ըստ վերջնական տուեալներուն, հաշուարկուած են 482 քաղաքի 58640 տեղամասի քուէաթերթիկները, հաշուուած է 24535185 ձայն։

Մասուտ Փեզեշքիան ստացած է 10415991 ձայն, Սաիտ Ճալիլին՝ 9473298, Մոհամմէտ Պաղեր Ղալիպաֆ՝ 3383340, Մոսթաֆա Փուրմոհամմատիինը՝ 206397:

Իրանի նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը պիտի կայանայ 5 յուլիսին, յայտարարած է երկրի ընտրական յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Մոհսէն Էսլամի: Անոր խօսքերը ներկայացուցած է IRNA գործակալութիւնը։

Ըստ երկրի օրէնքին, եթէ թեկնածուներէն ոչ մէկը կարողանայ ստանալ ձայներու մեծամասնութիւնը՝ 50 տոկոսէն աւելին, կը կայանայ ընտրութեան երկրորդ փուլ։