image

Սահմանին իրադրութիւնը կայուն է. ՀՀ ՊՆ

Սահմանին իրադրութիւնը կայուն է. ՀՀ ՊՆ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Փետրուար 15-ին կրկին ապատեղեկատուութիւն տարածած է, պնդելով, որ Փետրուար 14-ին եւ 15-ին ՀՀ Զինուած Ուժերու ստսորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան եւ արեւելեան հատուածներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինուած Ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: